Page:Islam, Turkey, and Armenia, and How They Happened.djvu/15

From Wikisource
Jump to navigation Jump to search
This page has been validated.

SEVENTY-NINTH PSALM IN ARMENIAN.

(An Armenian mother, writing to her son in the United States, requested him to read the seventy-ninth Psalm in order to know of the situation in Armenia.)

Սաղմոս Ասափայ։
1 Ո՛վ Աստուած՝ հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջը մտան․ քու սուրբ տաճարդ պղծեցին․ Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։
2 Քու ծառաներուդ դիերը երկինքի թռչուններուն կերակուր տուին․ քու սուրբերուդ մարմինը երկրի գազաններուն։
3 Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղեմին բոլորտիքը, ու մէկը չկար որ զանոնց թաղէր։
4 Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք, ծաղր ու կատակ՝ մեր բոլորտիքը եղողներուն։
5 Մինչև ե՞րբ՝ ո՜վ Տէր․ միշտ պիտի բարկանա՞ս ․ քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։
6 Թափէ՛ քու բարկութիւնդ ան ազգերուն վրայ՝ որ քեզ չեն ճանչնար, ու ան թագաւորութիւններուն վրայ՝ որ քու անունդ չեն կանչեր։
7 Ինչու որ Յակոբը կերան, ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։
8 Մի յիշեր մեզի դէմ առջի անօրէնութիւնները․ թող շուտով հասնի մեզի քու ողորմութիւններդ, ինչու որ խիստ թշուառացանք։
9 Քու անուանդ փառքին համար օգնէ մեզի՝ ով մեր փրկութեան Աստուածը․ և քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ, ու մեր մեղքերը քաւէ՛։
10 Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները, թէ Ո՞ւր է անոնց Աստուածը․ թող յայտնուի՛ հեթանոսաց մէջ մեր աչքերուն առջևը քու ծառաներուդ թափուած արիւնին վրէժը։
11 Կապուածին հառաչանքը քու առջի՛դ թող ելլէ․ քու զօրութեանդ մեծութիւնովը մահուան մատնուածները ապրեցո՛ւր։
12 Ու եօթնապատիկ հատուցո՛ւմ ըրէ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջը՝ ան իրենց նախատինքին փոխարէնը, որով քեզ անարգեցին՝ ո՛վ Տէր։
13 Բայց մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները՝ յաւիտեան քեզ պիտի գովենք, ու քու փառքդ պիտի պատմենք ազգէ մինչև ազգ։

See also page 222.